2014-11-30 09:33:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Թուրքիա` Միջազգային մամուլը։


(Ռ.Վ. 30 նոյեմբեր 2014) Իր առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Իսթանպուլի կապոյտ մզկիթը։ Ի յարգանս աւանդութեան առանց կօշիկի ներս մտաւ, երկու վայրկեան ամփոփուեցաւ ձեռքը դնելով լանջախաչին վրայ։
Այս երրորդ Քահանայապետն է որ մզկիթ կը մտնէ։ Հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին` Վատիկանի բանբերը յայտնեց. ''Քահանայապետը լուռ երկրպագութիւն կատարեց եւ այս այցելութիւնը եղաւ միջկրօնական երկխօսութեան գեղեցիկ պահ մը։

Ս. Հոգւոյ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած միջ-ծիսական պատարագի քարոզին մէջ ընդգծեց որ եկեղեցիներու տարբեր խարիզմները կը հարստացնեն Աստուծոյ ժողովուրդը։ Իսկ երբ մեր եսասիրութենէն դուրս գանք ուրիշներուն կը մօտենանք հանդիպելու, լսելու եւ օգնելու համար զանոնք, մղուած ենք Աստուծոյ Հոգիէն։ Սրբազան Քահանայապետը ուժգին կոչ ըրաւ գերազանցելու բաժանումները ու անհասկացողութիւնները, միմիայն այս վարուելակերպով միութեան եւ խաղաղութեան հաւատաւորներ կը դառնանք։
Բարթողոմէոս պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով ֆանարին մէջ բացականչեց. ''Ձեզ ուրախութեամբ, պատիւով ու երախտագիտութեամբ կը հիւրընկալենք, որովհետեւ հաճեցաք կառուցանել խորհրդանշական կամուրջ մը Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բաղձանք յայտնեց ''վերագտնելու միութիւնը եկեղեցիներու միջեւ''։ Համամիութեան աղօթքին աւարտին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խնդրեց օրհնել իր անձը ու կաթողիկէ եկեղեցին։ Պատրիարքը մեծ գորովով պագնեց Քահանայապետին գլուխը։
Սրբազան Հօր այցելութիւնը կ՛եզրափակուի այսօր` կիրակի, 30 Նոյեմբերին` օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ`Անդրէաս առաքեալի տօնին օրը, համամիութենական աղօթքով մը Բարթողոմէոս Ա.-ին հետ։
''Ավվենիրէ''օրաթերթը, իտալական այլ թերթերու հետ միասին կը վերնագրեն. ''Անդրէաս եւ Պետրոս, եղբայրներ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մէջ''։ ''Ս. Հոգին Եկեղեցւոյ կեանքն է''։ ''Կրօններու մէջ երկխօսութիւն յաղթահարելու կրօնական մոլեռանդութիւնը''։ ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը միութեան առաքեալ է''։ ''Բարթողոմէոս Ա. Ֆրանչիսկոսին հետ միութեան ի խնդիր''։ ''Կամքն է Կարեւորը''։
Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ Քահանայապետը Թուրքիա կու գայ երկխօսութեան նշանով։ ''Ap'' երկար յօդուածով մը կը նկարագրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապեի եւ Բարթողոմէոս Ա-ի հանդիպումը, մէջբերելով երկու հայրապետներու խօսքերը։ Հուսկ յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաջին ճառը, որով կ’ըսէ ''հիմնական է որ իսլամ, քրիստոնեայ եւ հրեայ քաղաքացիները ունենան միեւնոյն իրաւունք եւ ունենան միեւնոյն պարտականութիւն''։
''Լը Մոնտ'' օրաթերթը կը մատնանշէ թէ Առաքելական ճամբորդութեան կէտ նպատակներն են. Հզօրացնել բարեկամութեան, համագործակցութեան ու երկխօսութեան կապերը եկեղեցիներու միջեւ։ Մտահոգութիւն յայտնել շրջանի քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ, որոնք դժուար ու հալածանքի պայմաններու մէջ կը գտնուին։ Միջ կրօնական երկխօսութիւնը, Միջին Արեւելքի դիւրաբեկ իրավիճակը։ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Թուրքիոյ եւ այդ աշխարհամասին մէջ։
Վատիկանի հեռուստատեսիլի կայանին հետ զեկոյց ունենալով կարդինալ Քոխ ըսաւ. ''Մեր գլխաւոր մտածումն է խորացնել ու ամրապնդել բարեկամական կապերը Հռոմի ու Կ.Պոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ։ Աթենակորաս պատրիարքի ու Պօղոս Զ Քահանայապետի առաջին հանդիպումին գեղեցիկ աւանդութիւն մը սկսաւ։ Ամէն Քահանայապետ իր ընտրութեան երկրորդ տարին այցելութիւն կը կատարէ Կ.Պոլսոյ օրթոտոքսներու աթոռին։ Նոյնպէս ամէն տարի փոխադարձ այցելութիւններ կը կատարուին ս. Պետրոսի ու ս. Անդրէասի տօներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.